Ոդիսեւս
Օտիսէաս
յունարէն՝ Οδυσσέας | |
---|---|
Իթաքիին թագաւոր, Յունական դիցաբանութեան մէջ Դրոյան Պատերազմի ռազմագէտ եւ հնարամիտ մասնակից | |
Ազգութիւն | յոյն |
Վարած պաշտօններ | թագավոր հունական առասպելաբանության մեջ? |
Ամուսին | Փինելոփի[1] |
Ծնողներ | Լաերթիս եւ Անդիքլիա |
Երեխաներ | Թիլեմախոս, Աղրիոս, Լեոտոֆրոն կամ Լեոնդոֆոնոս, Նաւսինոս կամ Նաւսիթոս, Թիլեղոնոս, Քասիֆոնի, Լաթինոս, Փոլիփորթիս, Արտիաս, Փոլիփիթիս, Ատիաս, Արքեսիլաոս, Աւսոն |
Ոտիսեւս (Օտիսէաս), (յուն․՝ Οδυσσέας, հին յուն․՝ Ὀδυσσεὺς, լատիներեն՝ Ulysses, Ուլիսես), յունական Իթաքի կղզիի արքայ, Լաերթիսի որդին, խորամանկութեան ու հնարամտութեան մարմնացում, Հոմերոսի Ոդիսական վիպերգութեան գլխաւոր հերոս որ մասնակցած է Դրոյան պատերազմին։
Օտիսէասին ծննդաբանական ծառին համար, յստակ տուեալներ չկան։ Անոր հայրն է (կամ խորթ հայրը) Լաերթիս Λαέρτης (Քեֆալոսին զաւակը․ ըստ առասպելին ան իր անունը կու տայ Քեֆալոնիա կղզիին), իսկ մայրն է՝ Անդիքլիան Αντίκλεια։ Օտիսէասին կինը Փինելոփին է, իսկ զաւակը՝ Թիլեմախոս Τηλέμαχος։
Իթաքին Օտիսէասին թագաւորութեան պատկանող Յոնիական կարգ մը կղզիներէն մէկն է։ Թագաւորութեան մասին մինչեւ այսօր, յստակ տեղեկութիւններ չկան։
Դրոյան Պատերազմէն առաջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոդիսականէն մեզի հասած տեղեկութիւններէն, կ՛իմանանք թէ Օտիսէաս Աւթոքլիթոսին տունը (Փարնասոս լեռ) վայրի խոզի որսորդութեան ընթացքին, ծունկէն կը վիրաւորուի․ շնորհիւ այդ վերքին ձգած սպիէն է որ տարիներ ետք երբ տուն կը վերադառնայ, զայն կը ճանչնայ իր ծառան՝ Էւրիքլիա։ Նաեւ կ՛ իմանանք, թէ նախկան Մեսինի իր ճամբորդութիւնը, Իֆիթոյին կը ծանօթանայ եւ ան իրեն կը նուիրէ ծանր նետը՝ որով վերադարձին պիտի ոչնչացնէ «նշանածները»։
Հելլեն եւ Փինելոփի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէաս Թինտարէոսի աղջկան՝ Հելլեն Ελένη (Էլենի), թեկնածու նշանածներէն է։ Երբ թեկնածու նշանածները կը հաւաքուին, Թինտարէոս փեսացուին ընտրութիւնը գիտակցաբար կ՛ուշացնէ, վախնալով թէ իր որոշումը պիտի նախատէ համբաւի արժանացած եւ զօրաւոր «նշանածները»։ Հարցը բարւոք լուծման կը հասնի, երբ Օտիսէաս կ՛ առաջարկէ բոլոր «նշանածները» խոստում տան թէ պիտի օգնեն եւ թիկունք կանգնին անոր որուն Հելլէնը պիտի ընտրէ իբրեւ ամուսին։ Հելլէն կ՛ընտրէ ամենահզորին՝ Մենելաոսին, Սփարդիին (կամ՝ Սպարտա) թագաւորը։
Երկու մեկնաբանութիւն կան Օտիսէասին եւ Փինելոփիին ամուսնութեան համար։ Առաջինն է թէ Փինելոփիին հայրը՝ Իքարիոս, վազքի մրցումի կը հրաւիրէ իր աղջկան թեկնածու նշանածները եւ Օտիսէաս կը յաղթէ։ Իսկ երկրորդը, թէ Թինտարէոս իր աղջկան ամուսնութեան հարցը լուծած Օտիսէասին կը վարձատրէ, անոր կնութեան տալով եղբօր՝ Իքարիոս, աղջիկը՝ Փինելոփին։
Դրոյան Պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դրոյան Պատերազմին ընթացքին, Օտիսէաս գլխաւոր դերակատարներէն է։ Մնացեալներն են՝ «աստուածային» Ախիլէաս Αχιλλέας, «ազնուական» Աղամեմնոսաս, Մենելաոս, իմաստուն Նեստոր, Էաս Թելամենիացին Αίας ο Τελαμώνιος եւ Տիոմիտիս։
«Իլիական»ին մէջ, Հոմերոսը Օտիսէաս կը նկարագրէ իբրեւ քաջ զինուոր, խոհեմ թագաւոր եւ հնարամիտ առաջնորդ։ Ան բոլորէն յարգուած է եւ իր միտքերն ու գաղափարները կ՛ իւրացուին մնացեալ առաջնորդներէն։
Սակայն Օտիսէասին գլխաւոր ներդրումը Դրոյան պատերազմին մէջ անոր հնարած «Դրոյան Ձին» է։
Դրոյան Ձին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասին գլխաւոր ներդրումը այս պատերազմին անոր յղացած «Դրոյան Ձին» է․ փայտեայ հսկայ շինութիւն մը՝ ռազմագիտական հնարամտութիւն մը։ Էփիօն կը կառուցէ հետեւելով Օտիսէասին ցուցմունքներուն։ Երբ շինութիւնը կը լրանայ, անոր մէջ կը մտնեն տասնեակներով յոյն զինուորներ։ Դրոյացիները տեսնելով «Դրոյան Ձին» իրենց քաղաքին պարիսպներուն առջեւ (10 տարիներ անձեռնմխելի մնացած), կը հաւատան թէ յոյները ընդունած են իրենց պարտութիւնը եւ «Դրոյան Ձին» իրենց նուէր ձգած, Յունաստան վերադարձի ճամբան բռնած են։ Կը բանան կեդրոնական դարպասը եւ ձին քաղաքին մէջ կը բերեն։ Վստահ թէ երկարատեւ պատերազմը վերջացած է, իրիկունը քաղաքին բոլոր կողմերը խնճոյքներ կը սարքեն։ Մութ գիշերին, երբ բոլորը խորունկ քունի մէջ են, փայտեայ ձիուն մէջ պահուըտած յոյն զինուորները դուրս կ՛ելլեն, պարսիպներուն դռները կը բանան եւ արագօրէն քաղաքը կը գրաւեն։ Յոյներուն յաղթանակով կը վերջանայ Դրոյան Պատերազմը։
Վերադարձ Իթաքի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասին արկածախնդրութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասի թափառումները կը սկսին Դրոյան պատերազմի աւարտին ու կը վերջանան մինչեւ անոր հայրենի տուն՝ Իթաքի, վերադառնալը եւ գահին վերատիրանալը։ Անոնք կը տեւեն 10 տարի։
«Ոդիսական» բառը դարձած է նպատակին հասնելու համար դժուար ճանապարհորդութիւն կամ գործունէութիւն բնորոշող գոյական։ Օտիսէասին տուն վերադառնալու ճամբուն ընթացքին դիմագրաւած փորձութիւններուն շարքը երկայն է։ Սակայն կ՛ արժէ նշել անոնցմէ քանի մը հատ։
Աստուածներու ցասումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դրովատան գրաւելէ ետք, նաւերով ծով բացուած յոյներուն դաժանաբար կը պատժեն այն նոյն՝ Աթինա եւ Փոսիտոնաս, աստուածները, որոնք օգնած էին անոնց յաղթանակի հասնելու։ Պատճառը՝ յոյներու խելագարութեան աստիճանի հասնող ուրախութիւնն էր եւ անոնք գրեթէ մոռցած էին, թէ իրենց տարած յաղթանակին համար աստուածներուն պարտական են։
Փոսիտոնասի ուղարկած վիթխարի ալիքները կը կործանեն Աղամեմնոնասի նաւերը, իսկ Մենելաոսին կը քշեն մինչեւ Եգիպտոս։ Օտիսէաս կը փրկուի, սակայն զայն կը սպասեն նոր արկածախնդրութիւններ՝ մինչեւ որ ան վերջնականապէս միանայ իր ընտանիքին։
Օտիսէասին եւ ընկերներուն թափառումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասին եւ ընկերներուն թափառումները կը սկսին Քիքոնեսներուն Κίκονες երկրին (Թրակիա) մէջ իրենց տուած կռիւով ու կը շարունակուին Լուտասակերներուն λωτοφάγοι եւ Կիկլոբներուն երկիրներուն մէջ։ Կիկլոբներուն երկիրը, Փոլիֆիմոս Πολύφημος անոնց ծուղակի կը ձգէ իր քարայրին մէջ, բայց Օտիսէաս հնարամտութեամբ մը կը կուրցնէ կիկլոբը եւ ընկերներուն հետ կը յաջողին փախչիլ։ Օտիսէասին այս արարքը, Փոսիտոնասին զայրոյթը կը պատճառէ ու անոնք ծովերուն մէջ կը թափառին։ Երբ կը հասնին Էոլոսին կղզին՝ Էոլիա Αιολία, համանուն աստուածը Օտիսէասին կը յանձնէ պարկ մը, որուն մէջ բանտած է հովերու բոլոր տեսակները, բացի բարեհաճ տեսակէն, որպէսզի արագ եւ ապահով Իթաքի հասնի։ Սակայն, երբ Իթաքի կը մօտենան, ընկերակիցները պարկը կը բանան։ Սաստիկ փոթորիկ մը կ՛ առաջանայ եւ 11 նաւերը կը քայքայուին ու Օտիսէաս կը քշուի Լեսթրիղոնոներուն Λαιστρυγόνες երկիրը (Թիրենեան Ծով Mar Tirreno)․․․ ։ Օտիսէասին արկածախնդրութիւնները վերջ չեն ունենար․ բաւական թափառումներէ ետք, Սիրինեսներուն Σειρήνες երկիրէն բարւոք կը կարողանայ մեկնիլ, ապա կը յաջողի անցնիլ Սքիլա եւ Խարիվտի նեղուցէն (Մեսինայի Նեղուց, Իտալիա) եւ կը հասնի Արեւ աստուծոյ երկիրը՝ Թրինաքիա Θρινακία (Սիքելիա)։ Հոն վերապրած ընկերակիցները կը մահանան եւ զայն ալիքները կը քշեն մինչեւ Քալիփսօ Καλυψώ կղզին։
Քալիփսօ կղզին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիսէասի նաւուն խլեակները կը հասնին կղզի մը, ուր կը տիրէ չքնաղ նիմֆայ νύμφη (պարիկ) Քալիփսօ։ Ան, հմայքներով եօթը տարի Օտիսէասը իր մօտ կը պահէ։ Աթինան Զեւսը կը համոզէ, որպէսզի վերջինը Քալիփսօն ստիպէ ազատ արձակէ Օտիսէաս։ Զեւսին պահանջը Քալիփսոյին կը հասցնէ իր բանբեր՝ Հերմէսը (Էրմիս)։
Օտիսէաս, քսան հաստաբուն ծառերով լաստ մը կը պատրաստէ եւ Քալիփսոյին կղզիէն կը հեռանայ։
Կղզիին դիրքին մասին պատմաբանները տարակարծիք են։ Ըստ Ստրապոնի, կը գտնուի Ադլանտեան Ովկիանոսին կեդրոնը եւ Օտիսէաս հոն հասաւ Սհերիա Σχερία վիպական կղզիէն (Ստրապոնի բնակգիրէն՝ «ταῦτα γὰρ πάντα φανερῶς ἐν τῷ Ἀτλαντικῷ πελάγει πλαττόμενα δηλοῦται.»)։ Ուրիշներ կը սեպեն թէ Մալթայի կղզեխումբին Կոզօ կղզին է, իսկ շատեր, թէ հին Օղիղի՛ի կամ Օղիղիա կղզին, Ωγυγίη, Ωγυγία Քերքիրային հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող կղզին է։
Դէպի Իթաքի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոսիտոնաս փոթորիկ կ՛ առաջացնէ եւ Օտիսէաս կը հասնի Ֆէաքոններուն երկիրը (Քերքիրա)։ Զայն Նաւսիքան Ναυσικά կ՛ օգնէ եւ ապաստան կը գտնէ Ալքինոս Αλκίνοος թագաւորին պալատը։ Հոն կը բացայայտէ իր ինքնութիւնը եւ բոլորին կը յուզէ։ Թագաւորին օգնութեամբ, Դրոյան պատերազմի աւարտէն 10 տարի ետք, Իթաքի կը հասնի։
Անգամ մը Իթաքի հասած կը պահուըտի։ Նախկան բացայայտուի, կ՛ ուզէ իմանալ կղզին տիրող կացութեան մասին։ Անոր կ՛օգնեն զաւակը՝ Թիլեմախոս, ծառան՝ Էւրիքլիա եւ Էվմէոս Εύμαιος (Օտիսէասին հաւատարիմ ծերունի հովիւը)։ Օտիսէաս կը յաջողի իր պալատը թափանցել ու ոչնջացնել կնոջ 40 «նշանածները»։ Վերջինները ազնուական ընտանիքներու կը պատկանէին եւ Օտիսէաս մեռած սեպելով, տարիներ հաստատուած էին անոր պալատին մէջ ու տեղացիներուն եւ պալատականներուն կեանքը անտանելի դարձուցած էին։ Կը սպասէին Փինելոփիին որոշումին՝ անոնցմէ մէկուն հետ ամուսնանայ։
Յետ մահու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1986-ին «Դրոյան Խումբի»ն (Trojan (celestial body)) մէջ գտնուած 5254 աստղակերպին կը տրուի Իթաքիին առասպելական թագաւորին անունը «5254 Ulysses»։
- Սփերլոնկային քանդակները (Sperlonga sculptures, Gruppo di Polifemo)․ Օտիսէաս նիւթով քանդականերու խումբ մը, գտնուած 1957-ին հռոմէացի Թիվերիոս կայսրին առանձնատան մէջ, Սփերլոնկա աւանը՝ Հռոմ մայրաքաղաքին եւ Նափոլի քաղաքին միջեւ (Իտալիա)։
[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Любкер Ф. Odysseus // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 942–944.
- ↑ տեսերիզ - Օտիսէաս․ վերջին հերոսը(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Կրթութեան Նախարարութիւն․ Օտիսէասին արկածախնդրութիւնները(յունարէն)
- ↑ Ոդիսական․ Օտիսէասին թափառումները(յունարէն)
- ↑ Ի՞նչ պատահեցաւ Օտիսէասին (յունարէն)
- ↑ «Ոդիսական (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-07-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-30
- ↑ Չլուծուած Օղիղիին (անգլերէն)
- ↑ Քալիփսոյին կղզին(յունարէն)
- ↑ «Ոդիսական» 58-74 (յունարէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Դրոյան Պատերազմ(յունարէն)
- Թիլեմախոս(ֆր.)
- Փինելոփի(ֆր.)
- Լաերթիս(անգլերէն)
- Քեֆալոս(անգլերէն)
- Փարնասոս լեռ(յունարէն)
- Հելլէն՝ դիցաբանութիւն (Գեղեցիկ Հելլէնը)(յունարէն)
- Ախիլէաս(ֆր.)
- Փոլիֆիմոս(անգլերէն)
- Լուտասակերներ(յունարէն)
- Լեստրղոնեսներ(ֆր.)
- Խարիվտի(անգլերէն)
- Թրինաքիա(յունարէն)
- Էւմէոս(ֆր.)
- Սհերիա(ֆր.)
- Ոդիսականին Աշխարհագրութիւնը(անգլերէն)
- Կոզօ(անգլերէն)